2013-06-15 11:32:02

Էրտողան Խոստացած Է Կեզի Այգիի Մէջ Շինարարութեան Ծրագիրը Սառեցնել` Սպասելով Դատարանի Վճիռին


Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին հետ հանդիպում ունեցած թուրք ցուցարարները յայտարարեցին, որ Էրտողան խոստացած է Պոլսոյ Կեզի այգիի մէջ շինարարութեան ծրագիրը սառեցնել` մինչեւ ծրագիրին շուրջ դատարանի վճիռին հրապարակումը:
Թաքսիմի միասնականութեան ծրագիր շարժումի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Էրտողան խոստացած է յարգել շարժումին ներկայացուցած դատական հայցին վերաբերեալ դատարանին վճիռը, իսկ եթէ այդ վճիռը ի նպաստ կառավարութեան ըլլայ` հարցին շուրջ հանրաքուէ կատարել:
Մինչ այդ, Կեզի այգիի հարցով Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած 43 ցուցարարներ ազատ արձակուեցան:
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները, Էրտողանի գլխաւորութեամբ, գրեթէ մինչեւ առաւօտ բանակցած են ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ: Վերջիններս հանդիպումը դրական գնահատած են եւ ընդգծած, որ հետագայ քայլերուն մասին քննարկում պիտի կատարեն այգիին մէջ մնացած գործընկերներուն հետ:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք յայտարարեց, որ` «կառավարութիւնը պիտի ենթարկուի Թաքսիմ հրապարակի Կեզի այգիին մէջ շինարարութեանց վերաբերեալ դատարանէն բխելիք վճիռին»:
Չելիք յայտնեց, որ` «եթէ դատարանը մերժէ այգիին մէջ օսմանեան ոճի զօրանոցի կառուցման ծրագիրը, ապա կառավարութիւնը այդ որոշումին պիտի ենթարկուի, իսկ եթէ այդ ծրագիրին համաձայն գտնուի, կառավարութիւնը կ՛ուզէ այգիի ապագային շուրջ հանրաքուէ կատարել»` աւելցնելով, որ «Թուրքիա օրէնքի իշխանութեան երկիր է, եւ անկարելի է, որ գործադիր իշխանութիւնը ապօրինի արարք մը կատարէ»: Ան ընդգծեց, որ` «մինչեւ դատարանի վճիռի հրապարակումը այգիին ձեռք պիտի չտրուի»:
Միւս կողմէ` Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ քանատական «Տը Կլոպ անտ Մէյլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը եւ քաղաքական իշխանութիւնը ցոյցերուն հետ չափաւոր կերպով վարուած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.